2017-09-12 10:16:00

Ֆլորիտայի բնակչութեան կէսը զրկուած է ելեկտրականութենէ` «Իրմա» մրրիկին պատճառով։


Ֆլորիտայի աւելի քան 3,3 միլիոն բնակիչներ մնացած են առանց ելեկտրականութեան` նահանգը հարուածած «Իրմա» մրրիկին պատճառով: Այդ մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը:

Կը նախատեսուի, որ այդ թիւը աճ արձանագրէ մրրիկին դէպի հիւսիս շարժելուն հետ: Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի բնակչութեան թիւը 7 միլիոն է: Փակ են Մայամիի, Օրլանտոյի, Ֆորտ-Լոտըրտէյլի եւ Թամփայի օդակայանները: Անոնցմէ մէկ քանին կը խոստանան թռիչքները վերսկսիլ այսօր, իսկ միւսներուն մէջ յառաջիկայ օրերու թռիչքներու ցուցակ չկայ:

Մրրիկին պատճառով Մայամի-Տէյտ շրջանի շուրջ 400 միջնակարգ դպրոցներ փակուած են անորոշ ժամանակով: Այդ մասին յայտնած է ղեկավարութիւնը 392 կրթական հաստատութիւններու, որոնց մէջ կ՛ուսանին 345 հազար դպրոցականներ եւ կ՛աշխատին շուրջ 40 հազար ուսուցիչներ ու սպասարկող անձնակազմի անդամներ: Ֆլորիտայի աւելի քան 116 հազար բնակիչներ տեղաւորուած են 630 ժամանակաւոր ապաստարաններու մէջ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաստատած է ամերիկեան այդ նահանգի ամբողջ տարածքը բնական մեծ աղէտի գօտի յայտարարելու Ֆլորիտայի նահանգապետ Ռիք Սքոթի առաջարկը: Այդ որոշումը կ՛արտօնէ առանց ձգձգումներու դաշնակցային միջոցներ յատկացնել «Իրմա» փոթորիկէն վնասուածներուն օգնութեան: Նահանգապետը նշած է, որ պետութեան ղեկավարը այդ խնդրանքը բաւարարած է քանի մը ժամուան ընթացքին:

«Իրմա» մրրիկը Ֆլորիտայի ծովափ հասած էր 10 սեպտեմբերի ցերեկը: Սկիզբը մրրիկին ուժգնութիւնը դասուած էր չորրորդ աստիճան, աւելի ուշ նուազեցաւ մինչեւ երկրորդ աստիճան:

«Իրմա» կը նկատուի առնուազն վերջին տասնամեակի ընթացքին Ատլանտեանի մէջ ձեւաւորուած հզօրագոյն մրրիկը: Քարայիպներու աւազանի շրջանին մէջ ատոր զոհ գացած է 25 մարդ:








All the contents on this site are copyrighted ©.